Շարժման Ռազմավարութիւն/Տեղեկութիւն
Ի՞նչ է 2030 Ռազմավարութիւնը
Այսօր մենք կայքէջներէ եւ ծրագիրներէ շատ աւելի ենք: Դարձած ենք շարժում մը լի արժէքներով եւ ուժեղ տեսլականով մը: Բոլորս ալ հիմա առիթը ունինք որոշելու համար ուր կ'ուղղուինք հոսկէ: Կրնանք հիմա որոշել եւ մեր տեսալականը վերածել իրականութեան: Ո՞ւր հասած պիտի ըլլանք հոսկէ 10 տարի ետք:
Ո՞ւր ենք հիմա

2020 թուականի Հոկտեմբերէն Դեկտեմբեր, Ուիքի համայնքները, անդամ խմբակները եւ Շարժման Ռազմավարութեան խումբը կազմակերպեցին 50 առիթներ առաջարկները վերածելու առաջնահերթութիւններու: Միջազգային Խօսակցութիւններուն եւ այդ առիթներուն ի արդիւնք, ութ գլխաւոր նախաձեռնութիւններ կազմուեցան: 2020 Դեկտեմբերէն 2021 Փետրուար, այս ութ նախաձեռնութիւնները յաւելեալ արծարծուեցան «այլ առիթներով»: Արդիւնքները հրապարակուեցան Մեթայի վրայ: Յաւելեալ խօսակցութիւններ եկող քայլերուն համար պիտի շուտով յայտարարուին:
Ո՞վ կ'աշխատի Շարժման վրայ
Ուիքիմետիա 2030 Շարժման Ռազմավարութիւնը բաց մասնակցութեամբ ընթացք մըն է: Աջակցութեամբ Ուիքիմետիա Հիմնադրամի աշխատակազմին, Ռազմավարութիւնը հիմնուած է խորհրդակցութիւններով եւ բարձր կամաւորներու մասնակցութեամբ: Առաջին հանգրուանին, 1,800 յայտարարութիւն հարիւրէ աւելի համայնքներէ հաւաքուեցան ստեղծելու համար Ռազմավարական Ուղղին: Երկրորդ հանգրուանին, հարիւրէ աւելի կամաւորներ, տարբեր անդամ խմբակներէ եւ համայնքներէ, միասին ստեղծեցին առաջարկներն ու սկզբունքներ, տեղեակ ըլլալով շարժման յարատեւ գրադատութեամբ:
Ընթացքը կը քաջալերէ բացութիւնն ու մասնակցութինը բոլորին որպէսզի կազմուի ապագայ մը որ կը ներառէ ծրագիր համայնքներ եւ նուազ ծանօթ համայնքները: Ուշ 2020 թուականին, Ուիքիմետիաններու ընդլայն խումբ մը, Ուիքի համագործակցութեամբ, ստեղծեցին ուրուագիծ մը առցանց առիթներու: Յետոյ, հարիւրաւոր Ուիքիմետիաններ տարբեր շրջանակներէ միացան Միջազգային Խօսակցութիւններուն առաջնահերթ դարձնելու համար առաջարկներն ու նախաձեռնութիւնները: Եկող իրագործման հանգրուանին, դուն նաեւ հրաւիրուած ես մաս կազմելու յաջորդ հանգրուաններու խօսակցութիւններուն, որոնց մասին մանրամասնութիւնները շուտով պիտի հրատարակուին:
Շարժման Ռազմավարութեան եւ Կառավարման Խմբակ
Շարժման Ռազմավարութեան եւ Կառավարման Խմբակը (ՇՌԿ) Ուիքիմետիա Հիմնադրամի խմբակ մըն է որ պատասխանատու է աջակցելու Շարժման Ռազմավարութեան իրագործման: Այս խմբակէն առաջ կային Անցման Աջակցութեան Խմբակը, Երկրորդ Հանգրուանի Կորիզային Խմբակը եւ Առաջին Հանգրուանի Կորիզային Խմբակը: Ստորեւ կը գտնէք ներկայ խմբակը եւ իրենց դերերը (մասնակցային անուններուն վրայ կոխելով կրնաք կարդալ յաւելեալ մանրամասնութիւններ):
Ազատ զգացէք կապուելու խմբակին հետ իմակ ուղարկելով հետեւեալ հասցէին՝ strategy2030wikimedia.org
id-N, ms-N, min-N, en-5
ramzym-ctr


IRC:
dwadieff
RamzyM (WMF)
David Wadie Fisher-Freberg